2012-12-17 12:04:18

Լեհաստանի, Շուէտի Եւ Պուլկարիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները` Հայաստանի Մէջ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 Դեկտեմբերին ընդունեց Լեհաստանի, Շուէտի եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Ռատոսլաւ Սիքորսքին, Քարլ Պիլտթը եւ Նիքոլայ Մլատենովը:
Նախագահը ողջունեց արտաքին գործոց նախարարներու այցելութիւնը Հայաստան: Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորացման գործին մէջ Եւրոպական Միութեան շահագրգիռ անդամ երկիրներու ներգրաւուածութիւնը եւ աջակցութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Եւրոպական Միութեան Արեւելեան Գործընկերութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները:








All the contents on this site are copyrighted ©.